2015-02-09 09:56:17

Ուխտագնացութիւնը` վայր ու ժամանակ ապաշխարութեան ու դարձի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուխտագնացութեան հռոմէական մարմինը, գիտաժողով մը կազմակերպած է, 9-11 Փետրուար Հռոմի The Church Village-ի մօտ, ունենալով որպէս բնաբան. ''Ուխտագնացութիւնը` վայր ու ժամանակ ապաշխարութեան ու դարձի''։
Երեք օրերուն ընթացքին ժողովականները կը բանակցին հետեւեալ նիւթերու մասին.
Առաջին օրը` Ուխտագնացութիւնը ապաշխարութեան ճանապարհ է։
Երկրորդ օրը` Ուխտագնացութիւնը հաշտութեան ճանապարհ որուն ընթացքին նախատեսուած են երեք դասախօսութիւններ հետեւեալ թեմաներով. ապաշխարութիւնը որպէս ողորմութեան խորհուրդ.Հաշտութիւնը որպէս կարօտ, մղձաւանջ. Զղջումը որպէս ազատութեան արտայայտութիւն։
Իսկ երրորդ եւ վերջին օրը բոլոր ժողովովականները կը մասնակցին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան։
Աշխատանքներու բացումը կը կատարէ կարդինալ Ռուինի մինչ կարդինալ Վալլինին` Հռոմի թեմին տեղապահ արքեպիսկոպոսը`պիտի գլխաւորէ համապատարագը







All the contents on this site are copyrighted ©.